Ռումանիոյ Մամայա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի պատանեկան ախոյեանութեան, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանի 12 ներկայացուցիչներէն լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած են Սարգիս Սարգսեան, Էմին Օհանեան, Անի Աւետիսեան եւ Մարիամ Մկրտչեան, որոնք արձանագրած են երկու յաջորդական յաղթանակներ:
Իրենց արձանագրած այս յաղթանակներուն շնորհիւ անոնք կը գտնուին յառաջատարներուն կարգին:
Մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ զուիցերիական դրութեամբ` 11 հանգրուանով: