Եուվենթուսի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Փոլ Փոկպա, որ իր ստացած ծունկին վնասուածքին պատճառով ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան, առնուազն երկու ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց անոր վիրաբուժութիւնը կատարած բժիշկը` Ռոպերթօ Ռոսսի:
Ռոսսի ըսաւ, որ Փոկպա երկու ամիս ետք միայն կրնայ ընդհանուր խումբին հետ սկսիլ իր փորձերուն:
Ըստ Եուվենթուսի մարզիչին` Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի, ան ֆութպոլիստին խաղադաշտ վերադարձը կ՛ակնկալէ յառաջիկայ տարի` յունուարին:
Ասիկա տեղի ունենալու պարագային, Փոկպա պիտի բացակայի յառաջիկայ նոյեմբեր-դեկտեմբերին Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալէն: