 Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով, որ աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ դասուած է 31-րդ, երէկ բաւական կարեւոր իրագործում մը յաջողեցաւ կատարել, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին գծով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:

26 տարեկան Խաչանով, այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը հասնի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքի մը կիսաւարտականին:
Խաչանով, որ այս մրցաշարքին դասուած է 27-րդ, քառորդ աւարտականին իր յաղթանակը արձանագրեց 25-րդ դասուած 27 տարեկան աւստրալիացի Նիք Քիրկիոսի դէմ, 7-5, 4-6, 7-5, 6-7 եւ 6-4 արդիւնքով:
Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 3 ժամ եւ 41 վայրկեան:
Կիսաւարտականին Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ աշխարհի դասաւորման մէջ 7-րդ դիրքին վրայ գտնուող նորվեկիացի Քասպեր Ռուտ, որ իր յաղթանակը արձանագրեց իտալացի Մաթէօ Պերրեթինիի դէմ` 6-1, 6-4 եւ 7-6 արդիւնքով:
 Իր կարգին, կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց աշխարհի դասաւորման մէջ 5-րդ դիրքին վրայ գտնուող թունուզցի Օնս Ժապեր, որ 6-4 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց աւստրալիացի Աժլա Թոմլիանովիչի:
Իր կարգին, կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց աշխարհի դասաւորման մէջ 5-րդ դիրքին վրայ գտնուող թունուզցի Օնս Ժապեր, որ 6-4 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց աւստրալիացի Աժլա Թոմլիանովիչի:
Կիսաւարտականին ան իր դէմ պիտի ունենայ ֆրանսացի Քարոլին Կարսիան (17-րդ):