 Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ տեղի ունեցող 15 տարեկանէն վար ֆութպոլի զարգացման մրցաշարքի ծիրին մէջ, Հայաստանի 15 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը, որ մրցեցաւ Քոսովոյի իր հասակակիցներուն դէմ, արձանագրեց յաղթանակ մը:

Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը, որմէ ետք հայրենի կազմը փենալթիներով արձանագրեց 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Կարէն Աւոյեան: