Հայկական Ֆութպոլ. Ուրարտու` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումները: Այս հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեցին Փիւնիկ Երեւան, Լեռնային Արցախ, Ուրարտու եւ Արարատ-Արմենիա: Ապահովելով 19 կէտ` Ուրարտու այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Նոյնքան կէտ ունի նաեւ Արարատ-Արմենիա: 18 կէտ ապահոված է Ալաշկերտ, մինչ Փիւնիկ ունի 15 կէտ: Վան եւ Լեռնային Արցախ ունին 13-ական կէտ, Արարատ եւ Շիրակ` 8-ական...




















