Մարզական

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Կիրակի Օր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ատապ  Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Կիրակի Օր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, կիրակի, 9 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցում մը ունի կատարելիք Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի դէմ: Քառորդ աւարտականին գծով տեղի ունենալիք այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 15:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Պհամտունի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ: Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար փոխադրամիջոցը ապահովուած է անվճար` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն: Տեղեր...

Կռփամարտ. Եւրոպայի Աւագ Տարիքի  Պատանեկան Ախոյեանութիւն.  Հայաստան Գրաւեց Առաջին  Դիրքը` Խմբային Դասաւորման Մէջ

Կռփամարտ. Եւրոպայի Աւագ Տարիքի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Հայաստան Գրաւեց Առաջին Դիրքը` Խմբային Դասաւորման Մէջ

Իտալիոյ մէջ իր աւարտին հասած Եւրոպայի կռփամարտի աւագ տարիքի պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստանի տղոց հաւաքականը ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց առաջին դիրքը: Հայրենի կազմը իր ելոյթները աւարտեց 5 մետալով (երկու ոսկի, մէկ արծաթ եւ երկու պրոնզ): Ոսկիէ մետալակիր դարձան Վաղարշակ Քեյեան (46 քկ) եւ Էրիկ Առստամեան (52 քկ): 70 քկ դասակարգին մէջ, Երանոս Օհանեան քիթի վնասուածքի պատճառով չկրցաւ աւարտականի մրցումին մասնակցիլ, եւ...

Ճատրակ. «Չես Օփըն Մուտ».  Տիգրան Լ. Պետրոսեան Կրեց  Մրցաշարքի Իր Առաջին Պարտութիւնը

Ճատրակ. «Չես Օփըն Մուտ». Տիգրան Լ. Պետրոսեան Կրեց Մրցաշարքի Իր Առաջին Պարտութիւնը

Ծաղկաձորի «Մարիոթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցող «Չես Մուտ Օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Տիգրան Լ. Պետրոսեան յաջորդական չորս յաղթանակէ եւ հաւասարութենէ ետք, այս հանգրուանին կրեց մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը` Մանուէլ Պետրոսեանէն: Ճերմակ քարերով խաղացող Մանուէլ երէկուան իր այս յաղթանակը արձանագրեց 37-րդ շարժումին: Այս հանգրուանէն ետք այժմ Հայաստանի հաւաքականի անդամ Մանուէլ Պետրոսեան եւ իրանցի Ամիրեզա Պուր Աղա Պալայ 5,5-ական...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Պատանեկան Լիկա.  Փիւնիկ Երեւան Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Պատանեկան Լիկա. Փիւնիկ Երեւան Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պատանեկան լիկային առաջին անգամ ըլլալով մասնակցող Փիւնիկ Երեւանի 19 տարեկանէն վար խումբը չկրցաւ յաղթահարել զտումի Ա. հանգրուանին արգելքը: Հայկական կազմը, որ երթին Նանթէն կրած էր 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը, երէկուան այս մրցումին եւս պարտուելով անկէ` 3-0 արդիւնքով, դուրս մնաց մրցաշարքէն: Ֆրանսական կազմը իր կոլերը նշանակեց 8-րդ, 50-րդ եւ 88-րդ վայրկեաններուն:    

Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար  Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Կրեց  8-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը

Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Կրեց 8-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը

Ալպանիոյ Ռրոկոժինէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. դասակարգի Բ. խմբակի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը կրեց 8-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը Ռումանիայէն, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նոյն այս խմբակին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Ալպանիա եւ Լաթվիա:    

Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար Աղջկանց  Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականին  Պարտութիւնը` Պիելոռուսիայէն (6-0)

Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականին Պարտութիւնը` Պիելոռուսիայէն (6-0)

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Լիւքսամպուրկի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. դասակարգի Ա. խմբակի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ մրցեցաւ Պիելոռուսիոյ դէմ, անկէ կրեց 6-0 արդիւնքով պարտութիւն մը (կիսախաղ` 2-0): Յաղթական կազմը իր վեց անպատասխան կոլերը նշանակեց 4-րդ, 18-րդ (փենալթիով), 61-րդ, 81-րդ, 84-րդ եւ 86-րդ վայրկեաններուն: Նոյն խմբակին...

Կռփամարտ.  Ռուսիոյ Եւ Պիելոռուսիոյ Մարզիկներուն  Թոյլատրուեցաւ Մասնակցիլ  Աշխարհի Ախոյեանութեան

Կռփամարտ. Ռուսիոյ Եւ Պիելոռուսիոյ Մարզիկներուն Թոյլատրուեցաւ Մասնակցիլ Աշխարհի Ախոյեանութեան

Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնին («ԱՅ. ՊԻ. ԷՅ. ») տնօրէններու խորհուրդը քուէարկութեամբ չեղեալ նկատեց Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մարզիկներուն որակազրկումը, որ կիրարկուած էր Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին որոշումով, ռուսական զինուած ուժերուն Ուքրանիա ներխուժման պատճառով: Որոշուեցաւ, որ Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մարզիկները կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութեան: Նշենք, որ Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ ռուս Ումար Քրեմլիով վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած կազմակերպութեան արտակարգ համագումարին...

Պայէրն Միւնիխ Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Պայէրն Միւնիխ Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ 5-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք չեխական Վիքթորիա Փլզենին (Գ. խմբակ), այս մրցաշարքին գծով հաստատեց մրցանիշ մը: Պայէրն, որ իր անպարտելիութեան շարքը հասցուց 31 մրցումի (28 յաղթանակ եւ 3 հաւասարութիւն), խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումներուն պարտութիւն չէ կրած 2017-էն ի վեր: Անիկա այժմ առաւելագոյն 9 կէտով կը...

Այաքս Ամսթերտամի Ամէնէն Ծանր  Պարտութիւնը` Վերջին 58 Տարուան Ընթացքին

Այաքս Ամսթերտամի Ամէնէն Ծանր Պարտութիւնը` Վերջին 58 Տարուան Ընթացքին

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, Այաքս Ամսթերտամ, որ մրցեցաւ իտալական Նափոլիի դէմ, կրեց 6-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը: Ասիկա նետերլանտեան կազմին համար եղաւ ամէնէն ծանր պարտութիւնը` վերջին 58 տարուան ընթացքին: Վերջին անգամ 1964-ին Այաքս Ամսթերտամ Նետերլանտներու ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, 9-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Ֆէյէնուրտ Ռոթերտամէն: Նշենք, որ Նետերլանտներու ֆութպոլի ընթացիկ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Տարեշրջանը Սկսաւ  99-49 Արդիւնքով Պարտութեամբ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Տարեշրջանը Սկսաւ 99-49 Արդիւնքով Պարտութեամբ

Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր,Ղազիրի իր դաշտին վրայ Սաժես Պէյրութ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Պէյրութը, տարեշրջանի առաջին պէյրութեան տերպիի մրցումին: Մինչ ախոյեանութեան մասնակցող խումբերը օժտուած են երկու օտարական մարզիկով, անդին ՀՄԸՄ երէկուան իր մրցումը կատարեց առանց օտարականի` լիբանանցի մարզիկներով միայն: Բնականաբար, երկու օտարականով Սաժես ինք պէտք էր ըլլար մրցումին յաղթականը: Այս իրողութենէն մեկնելով,...

Կռփամարտ. Եւրոպայի Աւագ Տարիքի  Պատանեկան Ախոյեանութիւն.  Վաղարշակ Քեյեան Եւ Էրիկ Առստամեան  Հանդիսացան Ախոյեան

Կռփամարտ. Եւրոպայի Աւագ Տարիքի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Վաղարշակ Քեյեան Եւ Էրիկ Առստամեան Հանդիսացան Ախոյեան

Իտալիոյ մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի կռփամարտի աւագ տարիքի պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Վաղարշակ Քեյեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: 46 քկ դասակարգի աւարտականին, հայրենի մարզիկը, որ մրցեցաւ անգլիացի Ճոն Թոմասի դէմ, երեք ռաունտերուն ալ յաղթանակ արձանագրեց նոյն արդիւնքով (5-0): Իր կարգին, ոսկի մետալի տիրացաւ Էրիկ Առստամեան, որ 52 քկ դասակարգին մէջ պարտութեան մատնեց այլ անգլիացի մը` Լէյթըն Պիրչոլը: Երանոս Օհանեան...

Համահայկական Ամառնային 8-րդ Խաղերը  Տեղի Պիտի Ունենան Օգոստոս 2023-ին

Համահայկական Ամառնային 8-րդ Խաղերը Տեղի Պիտի Ունենան Օգոստոս 2023-ին

Հայաստանի կառավարութեան նիստերէն մէկուն ընթացքին հաւանութեան արժանացաւ Համահայկական ամառնային 8-րդ խաղերու կազմակերպման եւ կայացման կազմակերպիչ կոմիտէ ստեղծելու եւ անոր անհատական կազմը հաստատելու մասին որոշման նախագիծը: Նշուեցաւ, որ այս խաղերը տեղի պիտի ունենան օգոստոս 2023-ին: Այս խաղերը պատշաճ եւ բարձր մակարդակով կազմակերպելու եւ կայացնելու նպատակով ստեղծուեցաւ կազմակերպիչ կոմիտէ, որուն նախագահն է վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան: Կազմակերպիչ կոմիտէի կազմին մէջ ընդգրկուեցան...

Արամ Ոսկանեան Հեռացաւ Արարատի  Գլխաւոր Մարզիչի Պաշտօնէն

Արամ Ոսկանեան Հեռացաւ Արարատի Գլխաւոր Մարզիչի Պաշտօնէն

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Արարատ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Արամ Ոսկանեան հեռացաւ ակումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն` անձնական դիմումի համաձայն: Ոսկանեանի հետ, որ յունիս 2021-ին միացած էր Արարատին, խումբը մասնակցեցաւ «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին, ինչպէս նաեւ կատարեց 9 մրցում` Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան գծով: Երեւանեան ակումբը յայտնեց նաեւ, որ Ոսկանեանի հետ հեռացան մարզչական...

Վալերի Յովհաննիսեան  Վերադարձաւ Արարատ-Երեւան

Վալերի Յովհաննիսեան Վերադարձաւ Արարատ-Երեւան

Արարատ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Վալերի Յովհաննիսեան վերադարձաւ  ակումբ` ստանձնելով խումբին թեքնիք տնօրէնի պաշտօնը: 40 տարեկան Յովհաննիսեան նախապէս 2019-2020 տարեշրջանին եղած է ակումբի ընդհանուր տնօրէն: Ան բաւական մեծ փորձառութիւն ունի ֆութպոլի աշխարհին մէջ` նկատի ունենալով, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ ստանձնած է տարբեր ակումբներու կարեւոր պաշտօններ:

Փարիզ Եւ Հինգ Քաղաքներ Պոյքոթի  Ենթարկեցին 2022-ի Մոնտիալը

Փարիզ Եւ Հինգ Քաղաքներ Պոյքոթի Ենթարկեցին 2022-ի Մոնտիալը

Ֆրանսական վեց քաղաքներ պոյքոթի ենթարկեցին Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալը, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը` մէջբերելով Փարիզի քաղաքային խորհուրդին որոշումը: Նշուեցաւ, որ ֆրանսական վեց քաղաքներ` Փարիզ, Մարսէյ, Լիլ, Սթրազպուրկ, Ռեմս եւ Պորտօ, աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ուղղակի պատկերասփռում եւ այլ միջոցառումներ պիտի չկազմակերպեն: Այս որոշումը վերոնշեալ քաղաքներուն բողոքն է Քաթարի դէմ` իբրեւ 2022-ի Մոնտիալը հիւրընկալող երկրի: 20 նոյեմբերէն...

Ալի Տայէին Արգիլուեցաւ  Իրանէն Դուրս Ելլել

Ալի Տայէին Արգիլուեցաւ Իրանէն Դուրս Ելլել

Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ալի Տայէին արգիլուեցաւ Իրանէն դուրս ելլել, երկրին մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն աջակցելուն պատճառով: Ան աջակցած էր իրանցի քաղաքացի Մահսա Ամինիի սպանութեան դէմ կատարուած բողոքի զանգուածային ցոյցերուն: Նշուեցաւ, որ անոր անձնագիրը գրաւուած է երկրին իշխանութիւններուն կողմէ` անոր Իրան վերադարձէն ետք: Տայէ 2004-էն 2021 եղաւ ազգային հաւաքականներու մակարդակով աշխարհի լաւագոյն ռմբաձիգը (109 կոլ): Նախորդ տարի միայն...

Չաւի Գերազանցեց Զիտանի Ցուցանիշը

Չաւի Գերազանցեց Զիտանի Ցուցանիշը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա լիկա») 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պարսելոնա, որ հիւրը եղաւ Մայորքային, արձանագրեց` նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Պայէրն Միւնիխէն Պարսելոնա տեղափոխուած լեհ յառաջապահ` Ռոպերթ Լեւանտովսքի, 20-րդ վայրկեանին: Այսպիսով, քաթալոնական կազմը իր դաշտէն դուրս իր մարզիչին` Չաւիի հետ, 18-րդ մրցումն ըլլալով մնաց անպարտելի (13 յաղթանակ եւ 5 հաւասարութիւն): Ասոր շնորհիւ, Չաւի գերազանցեց Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ...

Էլչէ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Էլչէ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Սպանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ («Լա Լիկա») հանդէս եկող կազմերէն Էլչէ երէկ պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչը` Ֆրանչիսքօ Ռոտրիկեսը: Նախորդ տարուան նոյեմբերին մարզիչ նշանակուած 44 տարեկան Ռոտրիկես այսպիսով դարձաւ «Լա Լիկա»-ի առաջին մարզիչը, որ կորսնցուց իր պաշտօնը: Անոր կազմը նախանցեալ օր կրեց իր հինգերորդ յաջորդական պարտութիւնը` Ռայօ Վայեքանոյէն, 2-1 արդիւնքով: 7-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Էլչէ կէտով մը միայն կը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Սաժես Պէյրութ-ՀՄԸՄ Պէյրութ. Անդրանիկ Պէյրութ Եւ Շանվիլ Յաղթական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Սաժես Պէյրութ-ՀՄԸՄ Պէյրութ. Անդրանիկ Պէյրութ Եւ Շանվիլ Յաղթական

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երկու հանդիպումներ: Անդրանիկ Պէյրութ, որ ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոնին մէջ հիւրընկալեց Հուփսը, անոր դէմ արձանագրեց 72-63 արդիւնքով յաղթանակ մը (16-19, 18-17, 24-11, 14-16): Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Անդրանիկէն Օմեկա Հերիս (20): Երէկուան երկրորդ մրցումին, Շանվիլ, որ Տիք Մըհտիի մէջ հիւրընկալեց Աթլասը, իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց` 92-76 արդիւնքով...

Հայաստանի Ֆութսալի Ազգային  Հաւաքականը Սկսաւ Հաւաքի Մը

Հայաստանի Ֆութսալի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Հաւաքի Մը

Երէկ` երկուշաբթի, 3 հոկտեմբերին Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկսաւ հաւաքի մը: Այդ հաւաքը պիտի տեւէ մինչեւ երկուշաբթի, 10 հոկտեմբեր: Շաբաթ, 8 հոկտեմբերին, հայրենի հաւաքականը, Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Չեխիան, ՖԻՖԱ-ի 2024-ի ֆութսալի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ: Հայրենի կազմը 10 հոկտեմբերին պիտի մեկնի Չեխիա, ուր պիտի մրցի դաշտին տիրոջ դէմ` չորեքշաբթի, 12 հոկտեմբերին:...

Page 361 of 1280 1 … 360 361 362 … 1,280

Արխիւներ