Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն տեղի ունեցաւ Մանչեսթըր քաղաքի տերպիի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Սիթի եւ Եունայթըտ, «Իթթիհատ»-ի մարզադաշտին վրայ:
Մրցումը վերջ գտաւ երկրին գործող ախոյեան Սիթիի յաղթանակով` 6-3 արդիւնքով:
Յաղթական կազմէն հեթրիքի հեղինակ դարձան նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտ (34-րդ, 37-րդ եւ 64-րդ) եւ անգլիացի Ֆիլ Ֆոտեն (8-րդ, 44-րդ եւ 73-րդ):
Հեթրիքի հեղինակ դառնալէ բացի, Հաալանտ կատարեց նաեւ երկու էսիսթ:
Եունայթըտէն տուպլէ մը իրագործեց Անթոնի Մարթիալ (84-րդ եւ 90+1-րդ` փենալթիով), մինչ անոր խմբակից Ճէյտըն Սանթոս նշանակեց երրորդը (56-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սիթի այժմ 20 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը` կէտով մը միայն ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արսենալէն, որ այս հանգրուանին 3-1 արդիւնքով յաղթեց Թոթենհամին, լոնտոնեան քաղաքի տերպիի մրցումին:
Լիվըրփուլ, որ հիւրընկալեց Պրայթինը, անոր հետ արձանագրեց 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Լիվըրփուլէն տուպլէ մը իրագործեց Ռոպերթօ Ֆիրմինօ (33-րդ եւ 54-րդ):


