Սիտնիի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող աշխարհի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը այսօր` շաբաթ, 1 հոկտեմբերին կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական հանգրուանի մրցումը, Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ:
Կիսաւարտականի մրցումներուն, գործող ախոյեան Միացեալ Նահանգներ բաւական ծանր արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Քանատան` 83-43 արդիւնքով:
Իսկ կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին, Չինաստան իր յաղթանակը արձանագրեց Աւստրալիոյ դէմ` 61-59 արդիւնքով: