Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումները:
Այս հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեցին Փիւնիկ Երեւան, Լեռնային Արցախ, Ուրարտու եւ Արարատ-Արմենիա:
Ապահովելով 19 կէտ` Ուրարտու այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Նոյնքան կէտ ունի նաեւ Արարատ-Արմենիա:
18 կէտ ապահոված է Ալաշկերտ, մինչ Փիւնիկ ունի 15 կէտ:
Վան եւ Լեռնային Արցախ ունին 13-ական կէտ, Արարատ եւ Շիրակ` 8-ական կէտ, Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբը` 6 կէտ, իսկ Նոա` 3 կէտ: