Երկուշաբթի, 3 հոկտեմբերին, թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը պիտի հրապարակէ միջազգային նոր դասաւորումը` հիմնուելով մարզիկներուն արդիւնքներուն վրայ:
22 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, դասաւորման առաջին երկու դիրքերը պիտի գրաւեն նոյն երկրի ներկայացուցիչները:
Սպանացի Քարլոս Ալքարաս պիտի պահէ պարագլուխի դիրքը, մինչ անոր ազգակից Ռաֆայէլ Նատալ պիտի բարձրանայ երկրորդ դիրք:
Վերջին անգամ 2000-ին էր, որ ամերիկացիներ` Անտրէ Աղասի եւ Փիթ Սամփրաս գրաւած էին առաջին երկու դիրքերը: