Նախաձեռնութեամբ Երեւանի գեղասահքի եւ հաքիի մարզադպրոցի «Տոմ Մոսկվի» կեդրոնին եւ աջակցութեամբ Երեւանի քաղաքապետարանին, Երեւանի մէջ սկսաւ հաքիի միջազգային մրցաշարք մը:
Բացման Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Գէորգ Սիմոնեան եւ Երեւանի «Տոմ Մոսկվի» կեդրոնի տնօրէն Վահրամ Կարապետեան:
Անոնք երկուքը մրցաշարքին մասնակցող խումբերուն մաղթեցին յաջողութիւն:
Իրենց ունեցած ելոյթներով մրցաշարքին մասնակիցները ողջունեցին նաեւ գեղասահքի դպրոցին աշակերտները:
Մրցաշարքի աւարտին խումբերը պիտի ստանան բաժակներ, մետալներ եւ վկայագիրներ: