Ծաղկաձորի «Մարիոթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցող «Չես Մուտ Օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, միանձնեայ յառաջատարն է Տիգրան Լ. Պետրոսեան:
Հայաստանի հաւաքականին նախկին անդամը արձանագրած է չորս յաղթանակ:
3,5-ական կէտով 2-րդ-4-րդ դիրքերը կը բաժնեն Շանթ Սարգսեան, Հայկ Երիցեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան:
Իսկ 3 կէտով 5-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Արման Փաշիկեան:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 85 ճատրակ խաղացողներ Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Հնդկաստանէն, Իրանէն, Ռուսիայէն, Ֆրանսայէն, Լիթուանիայէն, Վրաստանէն եւ Ուքրանիայէն: