Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 4 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Ինթեր Միլան պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնան (Գ. խմբակ)` ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Երկու կազմերն ալ արձանագրած են մէկական յաղթանակ եւ կրած նոյնքան պարտութիւն:
Խմբակին պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ, որ արձանագրած է երկու յաղթանակ, ժամը 19:45-ին պիտի հիւրընկալէ Վիքթորիա Փլզենը:
Նշենք, որ այսօրուան յայտագիրին վրայ են ութ մրցումներ (Ա., Բ., Գ. եւ Դ. խմբակ), իսկ վաղուան յայտագիրին վրայ` եւս ութ ճակատումներ (Ե., Զ., Է. Եւ Ը. խմբակ):