Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Սինկափուրի կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2022-ի աշխարհի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Անիկա աւարտեցաւ «Ռետ Պուլ»-ի վարորդ Սերճիօ Փերեզի յաղթանակով, որ արձանագրեց` 2 ժամ 02 20 արդիւնք մը:
Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին «Ֆեռարի»-ի վարորդ Շարլ Լեքլերք եւ անոր խմբակից Քարլոս Սայնց:
Վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ այժմ Մաքս Վերսթափեն 341 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, 237 կէտով երկրորդ դիրքին վրայ է Լեքլերք, իսկ 235 կէտով երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Փերեզ: