Մարզական

Լուքա Մոտրիչ Վնասուածք Ստացաւ

Լուքա Մոտրիչ Վնասուածք Ստացաւ

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչ Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ իր կատարած փորձերուն ընթացքին վնասուածք ստացաւ: Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը շատ հաւանաբար դաշտերէն բացակայի աւելի քան 10 օր: Ոչ պաշտօնական տուեալներով, ան իր փորձերուն պիտի վերսկսի 5 հոկտեմբերին: Ան պիտի բացակայի Օսասունայի եւ Շախտիոր Տոնեցքի դէմ կատարուելիք մրցումներէն եւ շատ հաւանաբար` Կեթաֆէի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն: Ըստ շրջան...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը  Եւ Խոաքին Քափարոս Դադրեցուցին  Իրենց Համագործակցութիւնը

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Եւ Խոաքին Քափարոս Դադրեցուցին Իրենց Համագործակցութիւնը

Երէկ` հինգշաբթի, 29 սեպտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնն ու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ սպանացի Խոաքին Քափարոս, իրարու հետ դադրեցուցին իրենց համագործակցութիւնը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան, նախանցեալ գիշեր հանդիպում մը ունենալով Քափարոսի հետ եւ փոխադարձ համաձայնութեան գալով անոր հետ, որոշեց չշարունակել համագործակցութիւնը: Նկատի առնելով հաւաքականին այս տարուան արդիւնքները, 66 տարեկան Քափարոս այսուհետեւ...

«Եւրօ-2024».  Հայաստան` Գ. Դասակարգման Մէջ

«Եւրօ-2024». Հայաստան` Գ. Դասակարգման Մէջ

9 հոկտեմբերին Ֆրանքֆորթի մէջ (Գերմանիա) տեղի պիտի ունենայ «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին կողմէ հրապարակուած ազգային խումբերու դասակարգման մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը մաս կազմեց Գ. դասակարգման: Նոյն այս դասակարգման մէջ են նաեւ Ուքրանիա, Իսլանտա, Նորվեկիա, Սլովենիա, Իրլանտա, Ալպանիա, Մոնթենեկրօ, Ռումանիա եւ Շուէտ:    

«Եու. Էֆ. Սի. – Ֆայթ Նայթ».  Արման Ծառուկեան Մենամարտ  Պիտի Կատարէ Լաս Վեկասի Մէջ

«Եու. Էֆ. Սի. – Ֆայթ Նայթ». Արման Ծառուկեան Մենամարտ Պիտի Կատարէ Լաս Վեկասի Մէջ

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Արման Ծառուկեան խառն մենամարտի  «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.-Ֆայթ Նայթ»-ի իր յաջորդ մենամարտը (թեթեւ քաշային կարգ) պիտի կատարէ 18 դեկտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու Լաս Վեկաս քաղաքին մէջ: Անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ ռուս Տամիր Իսմակուլով: Ծառուկեան իր քաշային կարգի վարկանշային դասաւորման մէջ կը գրաւէ 10-րդ դիրքը, մինչ անոր մրցակիցը 12-րդ է: Ծառուկեան իր նախորդ մենամարտը կատարեց 26 յունիսին, պարտուելով...

Ալվարօ Մորաթթա` Սպանիոյ Ֆութպոլի  Ազգային Խումբի Տարուան  Լաւագոյն Ֆութպոլիստ

Ալվարօ Մորաթթա` Սպանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստ

Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող յառաջապահ Ալվարօ Մորաթթա ճանչցուեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը` «Մարքա»-ի կողմէ: Սպանական անուանի պարբերաթերթը կատարեց ամէն տարի սովորութիւն դարձած իր այս մրցանակաբաշխութիւնը: 29 տարեկան ֆութպոլիստը ստացաւ յատուկ մրցանակ մը, որ պրոնզէ խաղակօշիկներու տեսքով է: Նախորդ տարեշրջանին ան Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 10 մրցումի ընթացքին նշանակեց 4 կոլ եւ կատարեց էսիսթ մը:    ...

Թոնի Քրուս Կրնայ Աւարտել  Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Թոնի Քրուս Կրնայ Աւարտել Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող գերմանացի միջնապահ Թոնի Քրուս շատ հաւանաբար 2022-2023 տարեշրջանէն ետք աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: 32 տարեկան ֆութպոլիստին գործող պայմանագրութիւնը` մատրիտեան ակումբին հետ, իր աւարտին կը հասնի 30 յունիս 2023-ին: Կողմերը պայմանագիրի երկարաձգման շուրջ բանակցութիւններ չեն կատարեր: Ան 2014-ին միացաւ արքայական ակումբին` Ռէալ Մատրիտին:  

Փիքէ Շատ Հաւանաբար Միանայ  Աթլեթիքօ Մատրիտի

Փիքէ Շատ Հաւանաբար Միանայ Աթլեթիքօ Մատրիտի

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Պարսելոնային մաս կազմող սպանացի միջազգային յետսապահ Ժերար Փիքէ շատ հաւանաբար շուտով ունենայ իր նոր ակումբը: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Աթլեթիքօ Մատրիտ բաւական մօտէն հետաքրքրուած է 35 տարեկան ֆութպոլիստով: Մատրիտեան ակումբի գլխաւոր մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէի կարծիքով, Փիքէի ժամանումը կրնայ զօրացնել խումբին պաշտպանողական գիծը: Կրնայ պատահիլ, որ անոր տեղափոխութիւնը Աթլեթիքօ Մատրիտ կատարուի յունուար 2023-ին:

Տը Ժէա Շատ Հաւանաբար Հեռանայ  Մանչեսթըր Եունայթըտէն

Տը Ժէա Շատ Հաւանաբար Հեռանայ Մանչեսթըր Եունայթըտէն

Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող սպանացի բերդապահ Տաւիտ Տը ժէա շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Իտալիոյ մէջ: Նշուեցաւ, որ Եուվենթուս բաւական մօտէն հետաքրքրուած է 21 տարեկան ֆութպոլիստով: Կը նախատեսուի, որ իտալական ակումբը անոր հետ յառաջիկայ ամրան ընթացքին պայմանագրութիւն մը ստորագրէ, երբ արդէն իսկ աւարտած պիտի ըլլայ անոր կնքած համաձայնագիրը մանչեսթըրեան ակումբին հետ: Թէեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ կ՛ուզէ անոր պայմանագրութիւնը մէկ...

Պասքեթպոլ. Աղջկանց Աշխարհի  Ախոյեանութիւն.  Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Կիսաւարտականի  Մրցումները` Առանց Եւրոպայի  Ներկայացուցիչներուն

Պասքեթպոլ. Աղջկանց Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Կիսաւարտականի Մրցումները` Առանց Եւրոպայի Ներկայացուցիչներուն

Սիտնիի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող աղջկանց պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումներէն ետք, յստակացան կիսաւարտական հանգրուանին իրենց տոմսերը ապահովող խումբերը, որոնք այսօր կը մրցին իրարու դէմ: Աւստրալիա կը մրցի Չինաստանի դէմ, իսկ Միացեալ Նահանգներ` Քանատայի դէմ: Քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Չինաստան յաղթեց Ֆրանսայի (85-71), Աւստրալիա` Պելճիքայի (86-69), Միացեալ Նահանգներ` Սերպիոյ (88-55), իսկ Քանատա` Փորթօ Ռիքոյի (79-60): Այսպիսով, մրցաշարքը պիտի շարունակուի առանց...

Արաբական Ակումբներու Աղջկանց  Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  Պէյրութ Հանդիսացաւ Ախոյեան`  69-64 Արդիւնքով Յաղթելով Սմուհային

Արաբական Ակումբներու Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Պէյրութ Հանդիսացաւ Ախոյեան` 69-64 Արդիւնքով Յաղթելով Սմուհային

Երէկ գիշեր իր աւարտին հասաւ Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Թունուզի մէջ: Լիբանանի ախոյեան Պէյրութ, որ աւարտականի մրցումին մրցեցաւ եգիպտական Սմուհայի դէմ, արձանագրելով 69-64 արդիւնքով յաղթանակ մը, յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսակիրը: Մրցանակաբաշխութեան ներկայ գտնուեցան Արաբական պասքեթպոլի ֆետերասիոնին անդամները, ինչպէս նաեւ Պէյրութ ակումբի նախագահ Նետիմ Հաքիմ:

Գառնիկ Մինասեան` Ամէնէն Տաղանդաւոր Պատանի Ֆութպոլիստներու Ցանկին Մէջ

Գառնիկ Մինասեան` Ամէնէն Տաղանդաւոր Պատանի Ֆութպոլիստներու Ցանկին Մէջ

Ուրարտու-Երեւանի ֆութպոլի ակադեմիայի սան, միջնապահ Գառնիկ Մինասեան ընդգրկուեցաւ 2005-ին ծնած ամէնէն տաղանդաւոր 60 պատանի ֆութպոլիստներու համաշխարհային ցանկին մէջ, այս մասին յայտնեց անգլիական «Տը Կարտիըն» անուանի պարբերաթերթը: Վերոնշեալ պարբերաթերթին հրապարակած ցանկին մէջ ամէնէն շատ ներկայացուցիչը ունի Փորթուգալ (չորս):  

Իտալիոյ Ֆութպոլի Ա. Դասակարգի  Ախոյեանութեան  Մրցում Մը Առաջին Անգամ Ըլլալով  Պիտի Սուլէ Կին Իրաւարար Մը

Իտալիոյ Ֆութպոլի Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Մրցում Մը Առաջին Անգամ Ըլլալով Պիտի Սուլէ Կին Իրաւարար Մը

Մարիա Սոլէ Ֆերիերի Քափութի, պիտի ըլլայ առաջին կին իրաւարարը, որ պիտի սուլէ Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցում մը, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը: Նշենք, որ ան նկատի առնուեցաւ իբրեւ 2 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Սասուոլօ-Սալերնիթանա մրցումի կեդրոնի իրաւարար: Նախորդ տարեշրջանին 31 տարեկան իրաւարարը իր նորամուտը նշեց Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ, երբ սուլեց Չիթատելայա-ՍՓԱԼ մրցումը: Ան երկու առիթով...

Պենզեմա Վերադարձաւ  Ռէալ Մատրիտի Ընդհանուր Խումբ

Պենզեմա Վերադարձաւ Ռէալ Մատրիտի Ընդհանուր Խումբ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի տիտղոսակիր, Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, որ ապաքինեցաւ իր ստացած վնասուածքէն, երէկ վերսկսաւ իր փորձերուն, իտալացի Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած խումբին հետ, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Պենզեմա վնասուածք ստացաւ նախորդ 6 սեպտեմբերին, սկովտիական Սելթիքի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի մրցումին: Մայրաքաղաքի կազմը իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ կիրակի, 2...

Մեսսի Պիտի Չվերադառնայ  Պարսելոնա, Եթէ Փիքէ Չհեռանայ

Մեսսի Պիտի Չվերադառնայ Պարսելոնա, Եթէ Փիքէ Չհեռանայ

Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի պիտի չվերադառնայ Պարսելոնա, եթէ քաթալոնական ակումբին մաս կազմող սպանացի յետսապահ Ժերար Փիքէ չհեռանայ խումբէն: Երկու ֆութպոլիստները իրարու հետ լարուած յարաբերութիւններ ունին: 35 տարեկան Մեսսիի պայմանագրութիւնը ֆրանսական ակումբին հետ իր աւարտին կը հասնի յունիս 2023-ին: Ան 2021-ի ամրան իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ տեղափոխուեցաւ մայրաքաղաքի կազմ:...

Ա. Սէ. Միլան Նոր Պայմանագրութիւն Մը  Պիտի Առաջարկէ Օլիվիէ Ժիրուին

Ա. Սէ. Միլան Նոր Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Առաջարկէ Օլիվիէ Ժիրուին

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ա. Սէ. Միլան նոր պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ իր յառաջապահին` Օլիվիէ Ժիրուին: Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի 35 տարեկան ֆութպոլիստին գործող պայմանագրութիւնը միլանեան կազմին հետ նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Ըստ իտալական մարզական մամուլին, անոր պիտի առաջարկուի նոր պայմանագրութիւն մը` մէկ տարուան համար: Ան Իտալիոյ ախոյեանին հետ հանդէս կու գայ 2021-էն ի վեր:  

Կերըթ Սաութկէյթ Կրնայ  Կորսնցնել Իր Պաշտօնը

Կերըթ Սաութկէյթ Կրնայ Կորսնցնել Իր Պաշտօնը

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Կերըթ Սաութկէյթ կրնայ կորսնցնել իր պաշտօնը Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալէն ետք, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը: 52 տարեկան մարզիչին պայմանագրութիւնը Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ նախատեսուած է մինչեւ 2024-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտը: Սաութկէյթ, որ 2016-էն ի վեր Անգլիոյ ազգային խումբին մարզիչն է, նախապէս գլխաւորած է նաեւ Անգլիոյ երիտասարդներու խումբը: Նշուեցաւ, որ անոր պաշտօնազրկման...

Արժանթինի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը  Երկարաձգեց Ազգային Խումբի  Մարզիչի Պայմանագրութիւնը

Արժանթինի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Երկարաձգեց Ազգային Խումբի Մարզիչի Պայմանագրութիւնը

Արժանթինեան մարզական մամուլը յայտնեց, որ երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Լիոնել Սքալոնիի հետ: 44 տարեկան արժանթինցի ֆութպոլի մասնագէտին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2026: Սքալոնի, որ ազգային խումբը կը գլխաւորէ 2018-էն ի վեր, նախորդ տարի տիրացաւ «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին` 1-0 արդիւնքով յաղթելով Պրազիլի: Սքալոնի, որ Արժանթինի ազգային խումբին շապիկը կրած է 7...

Վերաբացուեցաւ Նորայր Մուշեղեանի  Անուան Ըմբշամարտի Ողիմպիական  Մանկապատանեկան Մարզադպրոցը

Վերաբացուեցաւ Նորայր Մուշեղեանի Անուան Ըմբշամարտի Ողիմպիական Մանկապատանեկան Մարզադպրոցը

Երկուշաբթի, 26 սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Նորայր Մուշեղեանի անուան ըմբշամարտի ողիմպիական մանկապատանեկան մարզադպրոցին վերաբացման հանդիսութիւնը: Ներկայ գտնուեցան Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, Երեւանի փոխքաղաքապետ Տիգրան Աւինեան, բարերար Վազգէն Գէորգեան, Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպերթ Խաչատրեան, ողիմպիական խաղերու ախոյեան, աշխարհի քառակի եւ Եւրոպայի հնգակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան, ըմբշամարտի աշխարհի այլ ներկայացուցիչներ եւ պատանի մարզիկներ: Նախարարի...

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Հայաստան Պարտուեցաւ Իրլանտայէն  Եւ Փոխադրուեցաւ Գ. Դասակարգ

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստան Պարտուեցաւ Իրլանտայէն Եւ Փոխադրուեցաւ Գ. Դասակարգ

Երէկ գիշեր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կատարեց «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի իր վերջին մրցումը, երբ Բ. դասակարգի Ա. խմբակի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Տապլինի մէջ հիւրը եղաւ Իրլանտայի: Մնալու համար Բ. դասակարգին մէջ, հայրենի կազմը ամէն գնով պէտք ունէր յաղթանակի մը: Հիւրընկալ կազմը Ա. կիսախաղի 18-րդ վայրկեանին նշանակեց իր առաջին կոլը: Բ. կիսախաղին սկիզբը արդիւնքը վերածուեցաւ 2-0-ի, երբ Իրլանտա...

Ճատրակ. Աշխարհի Պատանեկան  Ախոյեանութիւն.  Նարէ Իսախանեան Արձանագրեց  Լաւագոյն Արդիւնքը

Ճատրակ. Աշխարհի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Նարէ Իսախանեան Արձանագրեց Լաւագոյն Արդիւնքը

Երէկ` երեքշաբթի, 27 սեպտեմբերին, Պաթումի մէջ (Վրաստան) իր աւարտին հասաւ 8, 10 եւ 12 տարեկան աշխարհի ճատրակի պատանեկան ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները: Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց աղջկանց 8 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն մէջ հանդէս եկած Նարէ Իսախանեան, որ 7,5 կէտով գրաւեց դասաւորման 9-րդ դիրքը: Երկրորդ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեցին տղոց 10 տարեկանէն վար մրցաշարքին...

Page 363 of 1280 1 … 362 363 364 … 1,280

Արխիւներ