Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ կը կատարուի նաք աութի դրութեամբ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը վաղը` կիրակի, 2 հոկտեմբերին, մրցում մը ունի կատարելիք:
1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի կազմը վաղը Պհամտունի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ պիտի մրցի Օլիմփի Տըմիթի դէմ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին:
Ա. հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Ռիատի Քֆարմաթթային, մինչ Օլիմփի Տըմիթ` Ուահտէ Շըհիմին, 6-2 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կը սպասուի ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել, մինչ ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն` ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: