Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Ծաղկաձորի մէջ սկսաւ «Չես Մուտ Օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, որ իր աւարտին կը հասնի 9 հոկտեմբերին:
Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահի առաջին տեղակալ Սմբատ Լպուտեան, Ծաղկաձորի քաղաքապետ Նարեկ Յարութիւնեան եւ բազմաթիւ պատուոյ հիւրեր:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ Ա. եւ Բ. խմբակներով, պիտի կատարուին 9 հանգրուանի ճակատումներ:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 11 երկիրներու` Հայաստանի, Ռուսիոյ, Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Ֆրանսայի, Հնդկաստանի, Իրանի, Իրաքի, Միացեալ Նահանգներու, Լիթուանիոյ եւ Ինտոնեզիոյ 180 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 18 միջազգային կրանտմասթըրներ եւ 37 միջազգային ու ՖԻՏԷ-ի վարպետներ:
Նշուեցաւ, որ մրցաշարքին մրցանակային ընդհանուր հիմնադրամը կը կազմէ 10.250.000 դրամ: