Նախորդ շաբաթավերջին, հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը առաջարկ մը ներկայացուցած է ռուս մասնագէտ Անտրէյ Թալալայեւին, որպէսզի ան ստանձնէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը:
Աղբիւրի մը համաձայն, ան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն ժամանակ խնդրած է` մտածելու համար:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը սակայն, անմիջապէս պատասխանելով այս տարաձայնութիւններուն, ըսաւ, որ նմանօրինակ բան գոյութիւն չունի:
«Ներկայ դրութեամբ, Հայաստանի հաւաքականի նոր գլխաւոր մարզիչի նշանակման շուրջ լուրերը անհիմն են:
«Խուաքին Քափարոսի հետ համագործակցութեան դադրեցման ընդամէնը եղած է քանի մը օր: Բնականաբար քանի մը անձերու թեկնածութեան հարցը կը քննարկուի, եւ երբ պաշտօնական որեւէ բան յստականայ, այդ մասին կը յայտարարենք պաշտօնապէս», ըսաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ բանբեր Հայկ Կարապետեան:


