Սպանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութիւնը մտադիր է Սպանիոյ մէջ նոր անուանի ակումբ մը ստեղծել:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, անոնք կ՛ուզեն ձեռք ձգել քաթալոնական Էսփանիոլ ֆութպոլի ակումբը, որպէսզի կարելի ըլլայ պայքարիլ քաթալոնական այլ ակումբի մը` Պարսելոնայի հետ, տիտղոսին համար մղուող պայքարին ընթացքին:
Ներկայիս Էսփանիոլ կը գրաւէ «Լա Լիկա»-ի ընդհանուր դասաւորման 18-րդ վտանգաւոր դիրքը: