«Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Վուլվզ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչ` փորթուգալցի Պրունօ Լաժին, արձանագրուած ձախող արդիւնքներուն ի տես:
Փորթուգալցին, որ մարզիչ նշանակուեցաւ յունիս 2021-ին, յունուար 2022-ին արժանացաւ լաւագոյն մարզիչի կոչման:
2021-2022 տարեշրջանին ան Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր կազմին հետ գրաւեց ընդհանուր դասաւորման 10-րդ դիրքը:
Այժմ սակայն, Վուլվզ, որ իր կատարած 8 մրցումներէն ապահոված է միայն 6 կէտ, կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 18-րդ դիրքը: