Իտալիոյ մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի կռփամարտի աւագ տարիքի պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Վաղարշակ Քեյեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
46 քկ դասակարգի աւարտականին, հայրենի մարզիկը, որ մրցեցաւ անգլիացի Ճոն Թոմասի դէմ, երեք ռաունտերուն ալ յաղթանակ արձանագրեց նոյն արդիւնքով (5-0):
Իր կարգին, ոսկի մետալի տիրացաւ Էրիկ Առստամեան, որ 52 քկ դասակարգին մէջ պարտութեան մատնեց այլ անգլիացի մը` Լէյթըն Պիրչոլը:
Երանոս Օհանեան (70 քկ) իր կարգին հասաւ աւարտականին, սակայն վնասուածքի պատճառով չկրցաւ իր մրցումը կատարել եւ հանդիսացաւ փոխախոյեան:
Նշենք, որ կիսաւարտականի մրցումներուն Քեյեան յաղթեց պուլկարացի Ալեքսանտր Փափովի, Առստամեան` իրլանտացի Ճոն Հարթի, իսկ Օհանեան` իտալացի Գաբրիէլ Մորալի: