Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ալի Տայէին արգիլուեցաւ Իրանէն դուրս ելլել, երկրին մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն աջակցելուն պատճառով:
Ան աջակցած էր իրանցի քաղաքացի Մահսա Ամինիի սպանութեան դէմ կատարուած բողոքի զանգուածային ցոյցերուն:
Նշուեցաւ, որ անոր անձնագիրը գրաւուած է երկրին իշխանութիւններուն կողմէ` անոր Իրան վերադարձէն ետք:
Տայէ 2004-էն 2021 եղաւ ազգային հաւաքականներու մակարդակով աշխարհի լաւագոյն ռմբաձիգը (109 կոլ):
Նախորդ տարի միայն անոր մրցանիշը գերազանցեց Փորթուգալի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ:


