Մարզական

Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար  Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Կրեց  8-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը

Աղջկանց Ֆութպոլ. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին Ծանր Պարտութիւնը

Ալպանիոյ Ռոկոզինէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Բ. դասակարգի Բ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ մրցեցաւ Լաթվիոյ դէմ, անկէ կրեց 13-0 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութիւն մը (կիսախաղ` 7-0): Նշենք, որ ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Գագիկ Տէր Գէորգեան:  

«Եւրօ-2024».  Հայաստանի Հաւաքականին Առաջին  Մրցակիցը` Թուրքիա

«Եւրօ-2024». Հայաստանի Հաւաքականին Առաջին Մրցակիցը` Թուրքիա

Նախորդ շաբաթավերջին գերմանական Ֆրանքֆորթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կազմեց Դ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Խրուաթիան, Կալեսը, Լաթվիան եւ Թուրքիան: Հայրենի կազմը զտումի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 25 մայիս 2023-ին` հիւրընկալելով Թուրքիան: Իսկ 21 նոյեմբեր 2023-ին Հայաստանի վերջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Խրուաթիա:  

Մեկնարկը Տրուեցաւ «Երեւան Օփըն»  Ճատրակի Միջազգային Մրցաշարքին

Մեկնարկը Տրուեցաւ «Երեւան Օփըն» Ճատրակի Միջազգային Մրցաշարքին

Նախաձեռնութեամբ Երեւանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ աջակցութեամբ Երեւանի քաղաքապետութեան, երէկ մեկնարկը տրուեցաւ «Երեւան օփըն» ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ չորրորդ անգամ ըլլալով: Մրցաշարքին բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Դումանեան, նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Տիգրան Աւինեան, Երեւանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց  3-0 Արդիւնքով Յաղթանակ Մը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 9 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցում մը ունի կատարելիք Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի դէմ: Քառորդ աւարտականին գծով տեղի ունենալիք այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 15:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Պհամտունի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ: Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար փոխադրամիջոցը ապահովուած է անվճար` «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտէն:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Նետիմ Սուէյտ Աքատեմիի  Տարեշրջանի Առաջին Յաղթանակը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Նետիմ Սուէյտ Աքատեմիի Տարեշրջանի Առաջին Յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Պիպլոս հիւրընկալեց Նետիմ Սուէյտ Աքատեմին: Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ) տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ հիւր խումբին` Նետիմ Սուէյտ Աքատեմիի յաղթանակով, 84-67 արդիւնքով: Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Անթոնի Ֆէյրլի (24 կէտ, 10 ռիպաունտ): Նշենք, որ այսպիսով անիկա արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, մինչ ժիպէյլեան կազմը...

Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան  Հանդիսացաւ Երրորդ

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան Հանդիսացաւ Երրորդ

Ռուսական Փոյքովսքի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի շրջանաձեւ մրցաշարքին բաւական յաջող ելոյթ ունեցաւ Հայկ Մարտիրոսեան: Հայաստանի ներկայացուցիչը իր կատարած 8 մրցումներուն ապահովելով 4,5 կէտ, լրացուցիչ ցուցանիշով գրաւեց երրորդ դիրքը: Ան թէեւ արձանագրեց յաղթանակ մը միայն` ռուս Վլատիմիր Մալախովի դէմ, սակայն մրցաշարքին ընթացքին մնաց անպարտելի:    

Ճատրակ. Համաշխարհային Օլիմփիատ.  Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Մեծ  Առաւելութեամբ Յաղթեց Ազրպէյճանին

Համաշխարհային Օլիմփիատին Արծաթէ Մետալի Տիրացած Հայրենի Ճատրակ Խաղացողները Պիտի Ստանան 5-ական Միլիոն Դրամ

Հնդկաստանի Շենայ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած համաշխարհային 44-րդ օլիմփիատին արծաթէ մետալի տիրացած Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականին 5 անդամները, գլխաւոր մարզիչն ու խումբին պատասխանատուն պիտի ստանան նիւթական պարգեւներ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայաստանի կառավարութեան 6 հոկտեմբերին կայացած նիստին ընթացքին հաւանութիւն տրուեցաւ Հայաստանի տղոց հաւաքականը պարգեւատրելու որոշման նախագիծին: Հետեւաբար, հաւաքականին 5 մարզիկները պիտի ստանան...

Պոքա Ժունիորզի Մասնակցութեամբ Մրցումը  Ընդհատուեցաւ` Միջադէպերու Պատճառով

Պոքա Ժունիորզի Մասնակցութեամբ Մրցումը Ընդհատուեցաւ` Միջադէպերու Պատճառով

Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի Խիմնասիա եւ Էսկրիմա-Պոքա Ժունիորզ մրցումը ընդհատուեցաւ մարզադաշտէն դուրս տեղի ունեցած լուրջ միջադէպերու պատճառով: Մրցումը ընդհատուեցաւ 9-րդ վայրկեանէն ետք, երբ մարզիկները սկսան զգալ ոստիկանութեան արձակած արցունքաբեր կազի ազդեցութիւնը` մարզադաշտին մօտ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով: Միջադէպը սկսաւ մարզադաշտին մօտ, երբ ոստիկանութիւնը փորձեց կացութեան տէր դառնալ` նկատի ունենալով, որ հազարաւոր համակիրներ կը փորձէին մարզադաշտ մուտք գործել: Ըստ արժանթինեան...

Մեսսի. «2022-ի Մոնտիալը Պիտի Ըլլայ Վերջինը`  Արհեստավարժ Ասպարէզիս Ընթացքին»

Մեսսի. «2022-ի Մոնտիալը Պիտի Ըլլայ Վերջինը` Արհեստավարժ Ասպարէզիս Ընթացքին»

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ մտադիր չէ իր մասնակցութիւնը բերելու 2026-ի Մոնտիալին: 35 տարեկան ֆութպոլիստը ըսաւ, որ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալը պիտի ըլլայ իր արհեստավարժ ասպարէզին վերջին Մոնտիալը: Ան ըսաւ, որ տարբեր տեսակի մրցաշարքերու նման, Մոնտիալին ընթացքին ալ մրցակցութիւնը պիտի ըլլայ բաւական սուր`...

Ռիպերի Մտադիր Է Աւարտել Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ռիպերի Մտադիր Է Աւարտել Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Իտալական Սալերնիթանային մաս կազմող ֆրանսացի միջնապահ Ֆրանք Ռիպերի, մտադիր է խզել իր գործող պայմանագրութիւնը եւ աւարտել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: 39 տարեկան ֆութպոլիստին գործող պայմանագրութեան ժամկէտը կ՛աւարտի 30 յունիս 2023-ին: Ռիպերի, որ սեպտեմբեր 2021-ին միացաւ իտալական ակումբին, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին մեծ մասը անցուցած է Պայէրն Միւնիխի հետ` անոր հետ ելոյթ ունենալով 2007-էն 2019:    

Ռանիերի Մերժեց Սամտորիայի  Առաջարկը

Ռանիերի Մերժեց Սամտորիայի Առաջարկը

Իտալացի մարզիչ Քլաուտիօ Ռանիերի մերժեց վերստին ստանձնել Սամտորիայի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: Ասիկա կը նշանակէ, որ Տեժան Սթանքովիչին փոխարինող գլխաւոր թեկնածուն այժմ կը հանդիսանայ Մարքօ Ճիամփաուլի: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Ռանիերի շատ հաւանաբար, որ ստանձնէ Նոթինկհամ ֆորեսթի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը` նկատի ունենալով, որ անգլիական կազմը կը մտադրէ պաշտօնանկ ընել Սթիւ Քուփըրին: Նշենք, որ 70 տարեկան...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պիպլոս-Նետիմ Սուէյտ Աքատեմի  Մրցումով Այսօր Կը Սկսի Բ. Հանգրուանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս-Նետիմ Սուէյտ Աքատեմի Մրցումով Այսօր Կը Սկսի Բ. Հանգրուանը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի Բ. հանգրուանի մրցումներուն մեկնարկը կը տրուի այսօր, երբ կը կատարուի Պիպլոս-Նետիմ Սուէյտ Աքատեմի բացման մրցումը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Սլէյմանի անուան համալիրին մէջ (Ժիպէյլ), պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին: Նշենք, որ երկու կազմերն ալ տարեշրջանի բացման մրցումին պարտութիւն կրեցին. Պիպլոս` Տինամոյէն (114-55), իսկ Նետիմ Սուէյտ Աքատեմի` Պէյրութէն (101-56):  ...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Փիւնիկ Երեւան 2-0 Արդիւնքով  Յաղթեց Զալկիրիսին

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Փիւնիկ Երեւան 2-0 Արդիւնքով Յաղթեց Զալկիրիսին

Երէկ գիշեր «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Լիթուանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Զալկիրիս Վիլնիուսը: Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ պրազիլցի յետսապահ Ժունինիոյի (44-րդ) եւ նիկերիացի յառաջապահ Եուսուֆ Օթուպանժոյի (61-րդ) նշանակած կոլերուն: Նշենք, որ երկրորդ կոլին փոխանցումը կատարեց, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Յովհաննէս...

ՖԻՖԱ.  Հայաստանի Ազգային  Հաւաքականը` 93-րդ Դիրքին Վրայ

ՖԻՖԱ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը` 93-րդ Դիրքին Վրայ

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՖԱ-ին կողմէ երէկ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը յայտնուեցաւ 93-րդ դիրքին վրայ: Հայաստան, որ այժմ ունի 1233,93 վարկանշային կէտ, նախորդ ամիս կը գրաւէր դասաւորման 92-րդ դիրքը: Նշենք, որ այժմ հայրենի կազմը առանց մարզիչի է` սպանացի Խոաքին Քափարոսի հեռացումէն ետք: Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ այժմ ունի 1211,71 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման 99-րդ դիրքը: Պարագլուխի...

Սամպոյի Աշխարհի Ախոյեանութիւնը  Առաջին Անգամ Ըլլալով  Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանի Մէջ

Սամպոյի Աշխարհի Ախոյեանութիւնը Առաջին Անգամ Ըլլալով Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանի Մէջ

14-16 հոկտեմբերին Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ սամպոյի դեռահասներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութիւնը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս ախոյեանութեան մասնակցելու համար Երեւան պիտի ժամանեն 500 երկսեռ մարզիկներ, աշխարհի չորս ծագերէն: Ախոյեանութեան պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 14 հոկտեմբերին, ժամը 17:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:

2030-ի Մոնտիալ.  Ուքրանիա Միացաւ Սպանիոյ  Եւ Փորթուգալի Միատեղ Թեկնածութեան

2030-ի Մոնտիալ. Ուքրանիա Միացաւ Սպանիոյ Եւ Փորթուգալի Միատեղ Թեկնածութեան

Սպանիոյ եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոններուն մամլոյ քարտուղարութիւնները յայտնեցին, որ Ուքրանիա միացաւ իրենց առաջադրած թեկնածութեան` հիւրընկալելու համար 2030-ի Մոնտիալը: Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Լուիս Ռուպիալես յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ իրենց միացումով, անկասկած, իրենց թեկնածութիւնը աւելի պիտի զօրանայ: Նշենք, որ 2030-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու համար միացեալ թեկնածութիւն առաջադրած են Եգիպտոս, Յունաստան եւ Սէուտական Արաբիա, ինչպէս նաեւ` Ուրուկուէյ, Արժանթին, Փարակուէյ եւ Չիլի:    

Խապի Ալոնսօ Նշանակուեցաւ  Պայէր Լեւերքուզընի Մարզիչ

Խապի Ալոնսօ Նշանակուեցաւ Պայէր Լեւերքուզընի Մարզիչ

Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան` Խապի Ալոնսօ նշանակուեցաւ Պայէր Լեւերքուզընի գլխաւոր մարզիչ, այս մասին յայտնեց գերմանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 40 տարեկան սպանացին, որ փոխարինեց զուիցերիացի Ժերարտօ Սէոանէն, իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է` Ռէալ Սոսիետատի, Լիվըրփուլի, Ռէալ Մատրիտի եւ Պայէրն Միւնիխի: Իսկ իբրեւ մարզիչ ան եղած է Ռէալ Մատրիտի պատանեկան խումբի եւ Ռէալ Սոսիետատի երկրորդ խումբի գլխաւոր մարզիչ: Նշենք, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի...

Տի Մարիա Գերազանցեց Մեսսիի Ցուցանիշը

Տի Մարիա Գերազանցեց Մեսսիի Ցուցանիշը

Եուվենթուսին մաս կազմող արժանթինցի միջնապահ Անխել Տի Մարիա գերազանցեց իր ազգակիցին` Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Լիոնել Մեսսիի ցուցանիշը, «Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մասին իր կատարած էսիսթներուն շնորհիւ, այս մասին յայտնեց «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը: Իսրայէլեան Մաքապի Հայֆայի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (3-1) ան 3 էսիսթի հեղինակ դառնալով 38-ի հասցուց այս մրցաշարքին գծով կոլի իր փոխանցումներու քանակը: Մեսսի ցարդ կատարած է 37...

Ասամոա Աւարտեց Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ասամոա Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Եուվենթուսի, Ինթեր Միլանի եւ Կանայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յետսապահ, 33 տարեկան Քուատվօ Ասամոա պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: Ան 2008-էն 2012 մաս կազմած է Ուտինեզէի, 2012-էն 2018` Եուվենթուսի, 2018-էն 2020` Ինթեր Միլանի, իսկ 2021-ին` Քալիարիի: Իսկ Կանայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան 2008-էն 2019 մասնակցած է  միջազգային 74 մրցումի: Նշենք, որ Ասամոա...

Սամփաուլի Երկրորդ Անգամ Ըլլալով  Սեւիլլայի Մարզիչ

Սամփաուլի Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Սեւիլլայի Մարզիչ

Արժանթինցի Խորխէ Սամփաուլի երէկ նշանակուեցաւ սպանական Սեւիլլայի գլխաւոր մարզիչ, այսպիսով փոխարինելով 56 տարեկան իր ազգակիցը` Խուլեն Լոփեթեկին, նշուեցաւ խումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: Իր պաշտօնը կորսնցուցած Լոփեթեկի խումբին մարզիչ նշանակուած էր յուլիս 2019-ին: 62 տարեկան Սամփաուլիի նախկին ակումբն էր Մարսէյը, ուրկէ ան հեռացաւ նախորդ ամրան ընթացքին: Անոր պայմանագրութիւնը Սեւիլլայի հետ, նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024: Ան այսպիսով երկրորդ անգամ ըլլալով...

Page 360 of 1280 1 … 359 360 361 … 1,280

Արխիւներ