Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Լիւքսամպուրկի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. դասակարգի Ա. խմբակի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ մրցեցաւ Պիելոռուսիոյ դէմ, անկէ կրեց 6-0 արդիւնքով պարտութիւն մը (կիսախաղ` 2-0):
Յաղթական կազմը իր վեց անպատասխան կոլերը նշանակեց 4-րդ, 18-րդ (փենալթիով), 61-րդ, 81-րդ, 84-րդ եւ 86-րդ վայրկեաններուն:
Նոյն խմբակին մէջ են նաեւ Վրաստան եւ Լիւքսամպուրկ:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Մարիամ Ստեփանեան:


