Հայաստանի կառավարութեան նիստերէն մէկուն ընթացքին հաւանութեան արժանացաւ Համահայկական ամառնային 8-րդ խաղերու կազմակերպման եւ կայացման կազմակերպիչ կոմիտէ ստեղծելու եւ անոր անհատական կազմը հաստատելու մասին որոշման նախագիծը:
Նշուեցաւ, որ այս խաղերը տեղի պիտի ունենան օգոստոս 2023-ին:
Այս խաղերը պատշաճ եւ բարձր մակարդակով կազմակերպելու եւ կայացնելու նպատակով ստեղծուեցաւ կազմակերպիչ կոմիտէ, որուն նախագահն է վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան:
Կազմակերպիչ կոմիտէի կազմին մէջ ընդգրկուեցան նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Դումանեան եւ նախարարին տեղակալը` Կարեն Գիլոյեան:
Խաղերուն բացման հանդիսաւոր արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ Գիւմրիի մէջ, մինչ խաղերը տեղի պիտի ունենան Շիրակի եւ Արագածոտնի մարզերու շարք մը քաղաքներուն մէջ:
Իսկ փակման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ:


