Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա լիկա») 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պարսելոնա, որ հիւրը եղաւ Մայորքային, արձանագրեց` նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Պայէրն Միւնիխէն Պարսելոնա տեղափոխուած լեհ յառաջապահ` Ռոպերթ Լեւանտովսքի, 20-րդ վայրկեանին:
Այսպիսով, քաթալոնական կազմը իր դաշտէն դուրս իր մարզիչին` Չաւիի հետ, 18-րդ մրցումն ըլլալով մնաց անպարտելի (13 յաղթանակ եւ 5 հաւասարութիւն):
Ասոր շնորհիւ, Չաւի գերազանցեց Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ Զինետին Զիտանի ցուցանիշը, որ արքայական ակումբին հետ 2016-ին 17 մրցումի ընթացքին պարտութիւն կրած չէր օտար դաշտերու վրայ:


