Ծաղկաձորի «Մարիոթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցող «Չես Մուտ Օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Տիգրան Լ. Պետրոսեան յաջորդական չորս յաղթանակէ եւ հաւասարութենէ ետք, այս հանգրուանին կրեց մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը` Մանուէլ Պետրոսեանէն: Ճերմակ քարերով խաղացող Մանուէլ երէկուան իր այս յաղթանակը արձանագրեց 37-րդ շարժումին:
Այս հանգրուանէն ետք այժմ Հայաստանի հաւաքականի անդամ Մանուէլ Պետրոսեան եւ իրանցի Ամիրեզա Պուր Աղա Պալայ 5,5-ական կէտով կը բաժնեն դասաւորման առաջին դիրքը:
4,5-ական կէտով յառաջատարներուն հետապնդող տասը ճատրակ խաղացողներուն կարգին են նաեւ Շանթ Սարգսեան եւ նոյնինքն Տիգրան Լ. Պետրոսեան:
Այսօր` հինգշաբթի, 6 հոկտեմբերին տեղի կ՛ունենան 7-րդ հանգրուանի հանդիպումները:


