Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, կիրակի, 9 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցում մը ունի կատարելիք Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի դէմ:
Քառորդ աւարտականին գծով տեղի ունենալիք այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 15:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Պհամտունի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար փոխադրամիջոցը ապահովուած է անվճար` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն:
Տեղեր ապահովելու համար ՀՄԸՄ-ի համակիրները կրնան կապ հաստատել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւին. 03-769330: