Արարատ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Վալերի Յովհաննիսեան վերադարձաւ ակումբ` ստանձնելով խումբին թեքնիք տնօրէնի պաշտօնը:
40 տարեկան Յովհաննիսեան նախապէս 2019-2020 տարեշրջանին եղած է ակումբի ընդհանուր տնօրէն:
Ան բաւական մեծ փորձառութիւն ունի ֆութպոլի աշխարհին մէջ` նկատի ունենալով, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ ստանձնած է տարբեր ակումբներու կարեւոր պաշտօններ:


