«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պատանեկան լիկային առաջին անգամ ըլլալով մասնակցող Փիւնիկ Երեւանի 19 տարեկանէն վար խումբը չկրցաւ յաղթահարել զտումի Ա. հանգրուանին արգելքը:
Հայկական կազմը, որ երթին Նանթէն կրած էր 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը, երէկուան այս մրցումին եւս պարտուելով անկէ` 3-0 արդիւնքով, դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Ֆրանսական կազմը իր կոլերը նշանակեց 8-րդ, 50-րդ եւ 88-րդ վայրկեաններուն:


