Սպանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ («Լա Լիկա») հանդէս եկող կազմերէն Էլչէ երէկ պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչը` Ֆրանչիսքօ Ռոտրիկեսը:
Նախորդ տարուան նոյեմբերին մարզիչ նշանակուած 44 տարեկան Ռոտրիկես այսպիսով դարձաւ «Լա Լիկա»-ի առաջին մարզիչը, որ կորսնցուց իր պաշտօնը:
Անոր կազմը նախանցեալ օր կրեց իր հինգերորդ յաջորդական պարտութիւնը` Ռայօ Վայեքանոյէն, 2-1 արդիւնքով:
7-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Էլչէ կէտով մը միայն կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքը:


