Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Արարատ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Արամ Ոսկանեան հեռացաւ ակումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն` անձնական դիմումի համաձայն:
Ոսկանեանի հետ, որ յունիս 2021-ին միացած էր Արարատին, խումբը մասնակցեցաւ «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին, ինչպէս նաեւ կատարեց 9 մրցում` Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան գծով:
Երեւանեան ակումբը յայտնեց նաեւ, որ Ոսկանեանի հետ հեռացան մարզչական խումբի անդամներ Մանուկ Սարգսեան, Հայկ Ոսկանեան եւ Տիգրան Ասլանեան:


