Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երկու հանդիպումներ:
Անդրանիկ Պէյրութ, որ ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոնին մէջ հիւրընկալեց Հուփսը, անոր դէմ արձանագրեց 72-63 արդիւնքով յաղթանակ մը (16-19, 18-17, 24-11, 14-16):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Անդրանիկէն Օմեկա Հերիս (20):
Երէկուան երկրորդ մրցումին, Շանվիլ, որ Տիք Մըհտիի մէջ հիւրընկալեց Աթլասը, իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց` 92-76 արդիւնքով (29-18, 19-22, 24-11 եւ 20-25):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Աթլասէն Փիեռ Ֆախրի (24):
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 4 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Սաժես Պէյրութ-ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը: