Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնին («ԱՅ. ՊԻ. ԷՅ. ») տնօրէններու խորհուրդը քուէարկութեամբ չեղեալ նկատեց Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մարզիկներուն որակազրկումը, որ կիրարկուած էր Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին որոշումով, ռուսական զինուած ուժերուն Ուքրանիա ներխուժման պատճառով:
Որոշուեցաւ, որ Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մարզիկները կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութեան:
Նշենք, որ Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ ռուս Ումար Քրեմլիով վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած կազմակերպութեան արտակարգ համագումարին չորս տարուան համար ընտրուեցաւ նախագահ:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն յայտարարեց, որ անհանգստացած է Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնին երեւանեան արտակարգ համագումարին որոշումով:


