Մալակայի մէջ (Սպանիա) տեղի ունեցած ճատրակի 16-րդ միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան, որ բոլոր մասնակցողներուն մէջ ամէնէն բարձր անհատական վարկանիշը ունէր (2617), առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով գրաւեց երրորդ դիրքը:
Ան պարգեւատրուեցաւ բաժակով մը եւ 750 եւրօ նիւթական պարգեւով:
Գրիգորեան միայն լրացուցիչ ցուցանիշներով զիջեցաւ նոյն արդիւնքը արձանագրած քուպացի Տանիել Քապրերայէն եւ սպանացի Անտրես Մերարիոյէն:
Ան իր կատարած մրցումներուն ընթացքին արձանագրեց վեց յաղթանակ, երկու հաւասարութիւն եւ կրեց պարտութիւն մը միայն, այդ ալ` քուպացի Քապրերայէն: