«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրը եղաւ Մայեմի Հիթին, անկէ կրեց 116-109 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Հակառակ անոր որ Ուորիըրզէն Սթեֆըն Քարի թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (23 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 13 էսիսթ), սակայն ատիկա բաւարար չեղաւ յաղթանակ արձանագերելու:
Այս պարտութիւնը Ուորիըրզի համար եղաւ տարեշրջանի հինգերորդը` երեք յաղթանակներուն կողքին:


