Ինչպէս ծանօթ է, Եուվենթուսի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Փոլ Փոկպա նախորդ շաբաթավերջին դարձեալ վնասուածք ստացաւ. յայտարարուեցաւ, որ ան նուազագոյնը տասը օր պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Երէկ սակայն, 29 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման գործողութիւններով զբաղող անձը, յայտարարեց, ըսելով, որ ան պիտի բացակայի Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալէն, որուն մեկնարկը պիտի տրուի 20 նոյեմբերին:
Նշենք, որ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Ֆրանսայի մրցակիցները պիտի ըլլան Դանիա, Աւստրալիա եւ Թունուզ: