«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, Մարսէյ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Թոթենհամը, իր մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Մարսէյի կոլը նշանակեց Շանսել Մպեմպա (45-2-րդ), իսկ հիւր կազմին հաւասարութեան կոլը` Քլեման Լենկլէ (54-րդ):
Անգլիական կազմին յաղթանակի կոլը նշանակեց Փիեռ Հոյեժպժերկ` 90+5-րդ վայրկեանին:
Հաւասարութեան մը պարագային, Մարսէյ պիտի մասնակցէր «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին: Սակայն այս պարտութենէն ետք, անիկա գրաւելով Դ. խմբակին վերջին դիրքը, դուրս մնաց եւրոպական մրցաշարքերէն:
Իսկ Թոթենհամ իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ գրաւեց խմբակին պարագլուխի դիրքը եւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի հետ (2-րդ) ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը:
Այժմ Մարսէյին կը մնայ կեդրոնանալ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն վրայ: