Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած նոյեմբեր ամսուան նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի տղոց հաւաքականի նախկին անդամ Լեւոն Արոնեան, որ նախորդ ամիս կը գրաւէր ընդհանուր դասաւորման 10-րդ դիրքը, նահանջեց… 17-րդ դիրք:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն ամէնէն բարձր դիրքը կը գրաւէ Գաբրիէլ Սարգսեան. ան 41-րդ է:
Առաջին հարիւրին մէջ է նաեւ Հայկ Մ. Մարտիրոսեան (58-րդ):
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց դասաւորման, առաջին հարիւրին մէջ Հայաստան ունի երեք ներկայացուցիչ. Էլինա Դանիէլեան` 39-րդ, Աննա Սարգսեան` 68-րդ, իսկ Լիլիթ Մկրտչեան` 71-րդ:
Աղջկանց դասաւորման առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Չինաստանի ներկայացուցիչը` Եու Եիֆան: