Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ, Մեքսիքա յայտարարեց, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրեց Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին` հիւրընկալելու համար 2036-ի ամառնային ողիմպիական խաղերը:
Մեքսիքայի կառավարութեան մէկ բանբերը յայտնեց, որ իր երկիրը իր ամէն կարելին պիտի ընէ` յաջողցնելու համար այս թեկնածութիւնը:
Մեքսիքա նախապէս 1968-ին հիւրընկալեց ամառնային 19-րդ ողիմպիական խաղերը, մինչ 1970-ին եւ 1986-ին` Մոնտիալի մրցումները:
Իսկ 2026-ին Մեքսիքա Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի հետ պիտի հիւրընկալէ 2026-ի Մոնտիալը: