«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մաս կազմող խումբերէն Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի խաղացող Ճէյմս Հարտեն ոտքի վնասուածքի պատճառով մէկ ամիսով պիտի բացակայի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց ամերիկեան մարզական մամուլը:
33 տարեկան Հարտեն վիրաւորուեցաւ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի դէմ տեղի ունեցած մրցումին:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 9 մրցումի` միջին հաշուով իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին նշանակելով 22 կէտ, 10 էսիսթ եւ 7 ռիպաունտ:
Նշենք, որ ան նախորդ տարեշրջանին Պրուքլին Նեթցէն տեղափոխուած էր Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ: