Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ, որ նախանցեալ օր իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ինթեր Միլանը, արձանագրեց իր վեցերորդ յաջորդական յաղթանակը` խմբակներու դրութեամբ կատարուող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի այս մրցաշարքին գծով, եւ դարձաւ բացարձակ մրցանշակիր:
Այսպիսով, Պայէրն այս մրցաշարքի պատմութեան մէջ հանդիսացաւ միակ ակումբը, որ երեք անգամ կը հասնի այս արդիւնքին. նախապէս` 2019-2022 եւ 2021-2022 տարեշրջաններուն:
Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտ այս իրագործումը կատարած է երկու անգամ. 2011-2012 եւ 2014-2015 տարեշրջաններուն:


