Լեհական Փոկոնի միջնապահ Վահան Բիչախչեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական` իր մասնակցութիւնը բերելու համար այս ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցումներու, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայաստանի հաւաքականը 16 նոյեմբերին կը մրցի Քոսովոյի դէմ, իսկ 19 նոյեմբերին` Ալպանիոյ դէմ:
Լեհաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան, 23 տարեկան Բիչախչեան Փոկոնի հետ ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 13 մրցումի եւ նշանակած 3 կոլ:
Գիւմրեցի ֆութպոլիստը, որ 2022-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականին հետ, 19 մրցումի ընթացքին նշանակեց միջազգային 3 կոլ: