Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնա կը դիտարկէ ապագային գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին համար լոնտոնեան Արսենալի սպանացի գլխաւոր մարզիչ Միկել Արթեթան նշանակելու տարբերակը, այս մասին կը յայտնէ սպանական մարզական մամուլը:
Արթեթա, որ Պարսելոնա ակումբի սան է, երկար ժամանակ աշխատած է Պարսելոնայի նախկին գլխաւոր մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի հետ` Մանչեսթըր Սիթիի հետ: Ան ծանօթ է քաթալոնական ակումբի արժէքներուն եւ խումբին կիրարկած խաղաոճին:
40 տարեկան Արթեթա բաւական լաւ յարաբերութիւններ ունի Պարսելոնայի թեքնիք յանձնախումբի անդամներուն հետ:
Նշենք, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Արսենալ 31 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:


