 Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութեան հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ աւելի քան 600 հազար անձ կրնայ ներկայ գտնուիլ 2024-ին Փարիզի` Սեն գետի ափին նախատեսուած ամառնային ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Վճարովի պիտի ըլլան միայն Սեն գետի ափի վարի բաժինի նստարանները, որոնք հարիւր հազար են, մինչ գետի վերի բաժինի նստարանները անվճար
պիտի ըլլան:
Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Ժերալտ Տարմանէ յայտնեց, որ արարողութեան ժամանակ, անվտանգութեան պիտի հսկեն 35 հազար ոստիկաններ: