Լիվըրփուլի եւ Պարսելոնայի նախկին յառաջապահ Լուիս Սուարեզ Նասիոնալի հետ հանդիսացաւ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ախոյեան:
Փլէյ օֆի աւարտական մրցումին, Նասիոնալ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Լիվըրփուլ Մոնթեվիտէոյին, հռչակուեցաւ ախոյեան:
Սուարեզ նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը` 50-րդ եւ 96-րդ վայրկեաններուն:
Նշենք, որ նախորդ 30 յունիսին, երբ աւարտեցաւ 35 տարեկան Սուարեզի պայմանագրութիւնը Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ, ան ազատ փոխանցումով մը միացաւ Նասիոնալին, որ հանդիսացած էր անոր արհեստավարժ ասպարէզին առաջին ակումբը:


