Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, Ինթեր Միլանի մաս կազմող յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը բերէ այս ամիս Քաթարի մէջ սկսելիք 2022-ի Մոնտիալին:
29 տարեկան պելճիքացին, որ վիրաւորուելով շուրջ երկու ամիս բացակայեցաւ ֆութպոլի դաշտերէն, նախորդ շաբաթ վերադարձաւ եւ յաջողեցաւ իր մասնակցութիւնը բերել երկու մրցումի:
Նշենք, որ Մոնտիալի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Պելճիքայի մրցակիցները պիտի ըլլան Քանատա, Խրուաթիա եւ Մարոք:


