Մարզական

Կարէն Նալբանտեան  Միացաւ Ալաշկերտի

Կարէն Նալբանտեան Միացաւ Ալաշկերտի

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող կազմերէն Ալաշկերտի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի միջնապահ Կարէն Նալբանտեան միացաւ երեւանեան ակումբին: 20 տարեկան ֆութպոլիստը հանդէս եկած է հայկական ծագումով ռուսական Վիսթա ակումբին, Նորավանքի կազմին հետ հանդիսացած է Հայաստանի բաժակակիր, իսկ Ալաշկերտ տեղափոխուեցաւ Նոայէն: Նշենք, որ ան մաս կազմած է նաեւ Հայաստանի 17 եւ 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականներուն:

Աշխարհի Ֆութպոլի Ախոյեան Ալեն Պօղոսեան  Մարզաշապիկ Նուէր Ստացաւ Ալանիայէն

Աշխարհի Ֆութպոլի Ախոյեան Ալեն Պօղոսեան Մարզաշապիկ Նուէր Ստացաւ Ալանիայէն

Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Ալանիա Վլատիքաւքազ, որուն հետ ելոյթ կ՛ունենայ Հայաստանի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արթուր Գալստեան, մարզաշապիկ նուիրեց 1998-ի Մոնտիալին Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած միջնապահ Ալեն Պօղոսեանին: Ներկայիս 52 տարեկան Պօղոսեան, ջերմօրէն ընդունեց նուէրը եւ Ալանիային մաղթեց յաջողութիւն` տարեշրջանին երկրորդ բաժինին համար, այս մասին յայտնեց ռուսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ Թուրքիոյ...

«Քալչիօ».  Լացիօ Ռոմա-Ա. Սէ. Միլան Մրցումով Աւարտեցան  19-րդ Եւ Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

«Քալչիօ». Լացիօ Ռոմա-Ա. Սէ. Միլան Մրցումով Աւարտեցան 19-րդ Եւ Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան (Քալչիօ) 2022-2023 տարեշրջանի 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումները հասան իրենց աւարտին, երբ Հռոմի մէջ Լացիօ Ռոմա հիւրընկալեց երկրի գործող ախոյեան Ա. Սէ. Միլանը: Այս մրցումը վերջ գտաւ Մաուրիցիօ Սարրիի գլխաւորած կազմին յաղթանակով, որ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց միլանեան կազմը: Յաղթական կազմին չորս անպատասխան կոլերը նշանակեցին Սերկէյ Միլինքովիչ-Սաւիչ (4-րդ), Մաթիա Զաքակնի (38-րդ), Լուիս Ալպերթօ...

Ճոքովիչ Կրկնեց Աղասիի  Մրցանշային Յաղթական Շարքը

Ճոքովիչ Կրկնեց Աղասիի Մրցանշային Յաղթական Շարքը

Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 21 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած սերպ անուանի թենիսմեն` Նովաք Ճոքովիչ Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգայի բաց մրցաշարքի ծիրին մէջ արձանագրեց իր 26-րդ յաջորդական յաղթանակը` քառորդ աւարտականի մրցումներուն գծով պարտութեան մատնելով աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 6-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուս Անտրէյ Ռուպլեւը: Աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ 5-րդ դիրքին վրայ գտնուող Ճոքովիչ այսպիսով կրկնեց ամերիկացի Անտրէ Աղասիի մրցանշային ցուցանիշը,...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Ախոյեանութիւն.  Ցիցիփաս Ապահովեց Կիսաւարտականին  Իր Տոմսը Եւ Կը Մրցի Խաչանովի Դէմ

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Ախոյեանութիւն. Ցիցիփաս Ապահովեց Կիսաւարտականին Իր Տոմսը Եւ Կը Մրցի Խաչանովի Դէմ

Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման 4-րդ դիրքին, իսկ այս մրցաշարքին գծով 3-րդ դիրքին վրայ գտնուող յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփաս, որ Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն, մրցեցաւ աշխարհի դասաւորման 71-րդ դիրքին վրայ գտնուող չեխ Եիրի Լեհեչքայի դէմ, արձանագրեց 6-3, 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը: Կիսաւարտականին 24 տարեկան Ցիցիփաս պիտի մրցի 26 տարեկան եւ 18-րդ դասուած ռուսահայ Կարէն...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Ախոյեանութիւն.  Աղջկանց Կիսաւարտական Հանգրուանին  Հասնող Մասնակիցները Յստակացան

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Ախոյեանութիւն. Աղջկանց Կիսաւարտական Հանգրուանին Հասնող Մասնակիցները Յստակացան

Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին աղջկանց կիսաւարտականի վերջին տոմսը ապահովողը հանդիսացաւ Պիելոռուսիոյ ներկայացուցիչ Արինա Սապալեքա (դասուած` 5-րդ), որ քառորդ աւարտականին գծով իր կատարած մրցումին 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց խրուաթ Տոննա Վեքիչին: Կիսաւարտականի մրցումներուն անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ Մակտա Լինեթ (Լեհաստան): Իսկ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ 22-րդ դասուած Էլենա Ռիպաքինան (Ղազախստան) եւ 24-րդ դասուած Վիքթորիա...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ Արձանագրեց  Տարեշրջանի 12-րդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Արձանագրեց Տարեշրջանի 12-րդ Յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 14-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, Ռիատի Պէյրութ, որ հիւրը եղաւ Հուփսին, անոր դաշտին վրայ արձանագրեց 76-52 արդիւնքով յաղթանակ մը (22-19, 15-18, 9-19 եւ 6-20): Այսպիսով, Ռիատի Պէյրութ, որ ցարդ կրած է երկու պարտութիւն, արձանագրեց տարեշրջանի իր 12-րդ յաղթանակը: Հուփսէն տապըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ Ժուլիան Սքոթ Ուիլիամս (16 կէտ եւ 11 ռիպաունտ), մինչ մրցումին ամէնէն...

Մինչ Ռուսահայ Թենիսմենը Ապահովեց  Կիսաւարտականի Իր Տոմսը.  Ազրպէյճանի Թենիսի Ֆետերասիոնը  Պահանջեց Պատժել Խաչանովը

Մինչ Ռուսահայ Թենիսմենը Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը. Ազրպէյճանի Թենիսի Ֆետերասիոնը Պահանջեց Պատժել Խաչանովը

Ռուսական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի թենիսի ֆետերասիոնը դիմած է Ռուսիոյ եւ միջազգային թենիսի ֆետերասիոններուն, անոնցմէ պահանջելով պատժել ռուսահայ թենիսմեն Կարէն Խաչանովը` Աւստրալիոյ թենիսի միջազգային բաց ախոյեանութեան ընթացքին, Արցախին աջակցութիւն յայտնելու համար: Խաչանովի կատարած յայտարարութիւնները Պաքուի մէջ կը նկատեն «Ազրպէյճանի դէմ ուղղուած անընդունելի սադրանք»: Կարէն Խաչանով իր արձանագրած վերջին երկու յաղթանակներէն ետք պարզաբանած է, թէ ինչո՛ւ կատարած է այդ...

Հրաչեայ Պօղոսեանի Խթանիչ Դեղերու  Գործածութեան Դէմ Քննութեան  Արդիւնքը Տուաւ Դրական Պատասխան

Հրաչեայ Պօղոսեանի Խթանիչ Դեղերու Գործածութեան Դէմ Քննութեան Արդիւնքը Տուաւ Դրական Պատասխան

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի գործող ախոյեան Հրաչեայ Պօղոսեանի խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ կատարուած քննութեան արդիւնքը տուած է դրական պատասխան, այս մասին յայտնեցին հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ: Հետեւաբար, ան ժամանակաւորապէս հեռացուեցաւ խթանիչ դեղերու  գործածութեան դէմ օրէնքները խախտած ըլլալուն համար: Եթէ պատահի, որ ան խթանիչ դեղերու գործածութեան օրէնքները չէ խախտած, դարձեալ պիտի հրապարակուի համապատասխան որոշում: Նշենք, որ նախորդ դեկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի...

Էմպափէ Փարիզ Սեն Ժերմենի Պատմութեան  Առաջին Ֆութպոլիստը, Որ Պաշտօնական  Մրցումի Մը Ընթացքին Կը Նշանակէ 5 Կոլ

Էմպափէ Փարիզ Սեն Ժերմենի Պատմութեան Առաջին Ֆութպոլիստը, Որ Պաշտօնական Մրցումի Մը Ընթացքին Կը Նշանակէ 5 Կոլ

Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրը եղաւ «ԵՈՒ. ԷՍ.» Փէյ Տը Քասելին, արձանագրեց 7-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: 6-րդ դասակարգին մաս կազմող խումբը գրեթէ ոչինչ յաջողեցաւ կատարել երկրին գործող ախոյեանին դէմ: Յաղթական կազմէն Քիլիան Էմպափէ դարձաւ իր ակումբին առաջին ֆութպոլիստը, որ պաշտօնական մրցումի մը ընթացքին կը նշանակէ 5 կոլ: Ան իր...

Օլիվիէ Ժիրու Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Որոշեց  Շարունակել Իր Ակումբին Հետ

Օլիվիէ Ժիրու Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Որոշեց Շարունակել Իր Ակումբին Հետ

Իտալիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Ա. Սէ. Միլանի ֆրանսացի յառաջապահ Օլիվիէ Ժիրու որոշեց իր ելոյթները շարունակել իր ակումբին հետ: Ան ըսաւ, որ կ՛ուզէ երկարաձգել իր գործող պայմանագրութիւնը միլանեան ակումբին հետ: Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի լաւագոյն ռմբաձիգին պայմանագրութիւնը Ա. Սէ. Միլանի հետ կ՛աւարտի 30 յունիսին: Ընթացիկ տարեշրջանին 36 տարեկան ֆութպոլիստը անոր հետ ցարդ 24 մրցումի ընթացքին նշանակած է 9 կոլ եւ կատարած...

Հերի Քէյն` Թոթենհամի Բոլոր Ժամանակներու  Լաւագոյն Ռմբաձիգը Դառնալու Սահմանին

Հերի Քէյն` Թոթենհամի Բոլոր Ժամանակներու Լաւագոյն Ռմբաձիգը Դառնալու Սահմանին

Անգլիացի միջազգային յառաջապահ Քերի Քէյն, միայն կոլի մը պէտք ունի` լոնտոնեան Թոթենհամի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբաձիգը դառնալու համար: Ակումբին պատմութեան բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին իր նշանակած 266 կոլով ան այսպիսով առաջին դիրքը կիսեց ակումբի նախկին ֆութպոլիստ Ճիմի Կրիվզի հետ: Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով իր կատարած մրցումին, Թոթենհամ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ֆուլհեմի դաշտէն, 29 տարեկան Քէյնի...

Ռոնալտ Քէօման Նշանակուեցաւ Նետերլանտներու  Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Ռոնալտ Քէօման Նշանակուեցաւ Նետերլանտներու Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Նետերլանտներու ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Ռոնալտ Քէօման երկրորդ անգամ ըլլալով գլխաւորեց երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը` փոխարինելով Լուիս Վան Կաալը: Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2026: Նշենք, որ 59 տարեկան Քէօման երկրորդ անգամ ըլլալով է, որ կը նշանակուի խումբի մարզիչ: Ան առաջին անգամ իր պաշտօնը վարեց 2018-2020 ժամանակամիջոցին:  

Լամփար Կորսնցուց Իր Պաշտօնը

Լամփար Կորսնցուց Իր Պաշտօնը

Լիվըրփուլ քաղաքի կազմերէն Էվըրթընի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբի գլխաւոր մարզիչ Ֆրանք Լամփար հեռացուեցաւ իր վարած գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն: 44 տարեկան Լամփար Էվըրթընի մարզիչ նշանակուած էր յունուար 2022-ին` փոխարինելով սպանացի Ռաֆայէլ Պենիթեսը: Անգլիացի Լամփարի հետ Էվըրթըն վերջին 14 մրցումներուն արձանագրեց յաղթանակ մը միայն եւ կրեց 11 պարտութիւն: Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 20-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Էվըրթըն այժմ...

Սանթոս Պիտի Գլխաւորէ Լեհաստանի  Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

Սանթոս Պիտի Գլխաւորէ Լեհաստանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

Լեհաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Սեզարի Քուլեսցա իր կատարած մէկ յայտարութեան ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Ֆերնանտօ Սանթոս պիտի ըլլայ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբին նոր մարզիչը: 68 տարեկան Սանթոս, որ 2010-2014 ժամանակամիջոցին Յունաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչն էր, անկէ ետք մինչեւ 2022-ի Մոնտիալին աւարտը գլխաւորեց Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբը:

«Էն. Պի. Էյ.»  Սելթիքս Կրեց Տարեշրջանի  Իր 13-րդ Պարտութիւնը

«Էն. Պի. Էյ.» Սելթիքս Կրեց Տարեշրջանի Իր 13-րդ Պարտութիւնը

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ ցարդ կատարուած մրցումներէն ետք, ամէնէն շատ յաղթանակը արձանագրած է արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պոսթըն Սելթիքս (35): Սակայն անիկա իր կատարած վերջին մրցումին, կրեց տարեշրջանի իր 13-րդ պարտութիւնը` Օրլանտօ Մեճիքի դաշտին վրայ, 113-98 արդիւնքով: Իսկ արեւմտեան շրջանին վերջին դիրքին վրայ գտնուող Հիուսթըն Ռոքեթց, որ ցարդ կրած է 36 պարտութիւն, արձանագրեց տարեշրջանի իր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պէյրութ-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 96-52

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 96-52

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 15-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ Շիահի մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Պէյրութին, անկէ կրեց 96-52 արդիւնքով պարտութիւն մը (29-13, 29-8, 23-18 եւ 15-13): Նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ իր այս մրցումը կը կատարէր առանց իր օտարական մարզիկներուն, հիւրընկալ կազմը իր կարգին որոշեց անոր մասնակցիլ միայն իր լիբանանցի մարզիկներով: Իր արձանագրած...

Փիւնիկ-Երեւան Թուրքիոյ Մէջ  Պարտութիւն Մը Կրեց

Փիւնիկ-Երեւան Թուրքիոյ Մէջ Պարտութիւն Մը Կրեց

Թուրքիոյ Պելեք քաղաքին մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կատարող Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ-Երեւան, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ ուքրանական Տնիփրօ-2 խումբին դէմ: Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած խումբը կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Հայրենի կազմին միակ կոլը նշանակեց վենեզուելացի 26 տարեկան յառաջապահ Խոսէ Քարապալիօ: Վերոնշեալ մրցումէն բացի, նախատեսուած են նաեւ բարեկամական հինգ մրցումներ եւս: Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երկրորդ...

«Շարունակենք Հաւատալ Մինչեւ Վերջ». Խաչանով Դարձեալ Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Արցախին

«Շարունակենք Հաւատալ Մինչեւ Վերջ». Խաչանով Դարձեալ Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Արցախին

Աւստրալիոյ Մելպուռն քաղաքին մէջ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ դասուած է 18-րդ, բաւական հաստատ քայլերով ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, երբ 6-0, 6-0 եւ 7-6 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ճափոնցի իր մրցակիցը` Եոշիհիթօ Նիշիոքան, որ դասուած է 31-րդ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Խաչանով դարձեալ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախին` լուսանկարչական մեքենային վրայ անգլերէնով...

Լեւանտովսքի` Լեհաստանի  2022 Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Լեւանտովսքի` Լեհաստանի 2022 Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Պարսելոնային մաս կազմող յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի ճանչցուեցաւ Լեհաստանի 2022 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս մասին յայտնեց Լեհաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այսպիսով, Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետը ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 11-րդ անգամ ըլլալով ստացաւ այս մրցանակը: 34 տարեկան ֆութպոլիստը յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով կ՛արժանանայ այս կոչումին: Տարուան լաւագոյն մարզիչները ճանչցուեցան Չեսլաւ Միխնեւիչ եւ Մարեք Փաափչուն, մինչ լաւագոյն իրաւարարը` Սզիմոն...

Page 328 of 1280 1 … 327 328 329 … 1,280

Արխիւներ