Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի նախկին յետսապահ, ազգային հաւաքականի թեկնածու Արթուր Քարտաշեան միացաւ Չարենցաւանի Վանին, այս մասին յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
26 տարեկան ֆութպոլիստը տարեշրջանի առաջին կէսը անցուց կիպրական Օլիմփիաքոս Նիկոսիայի հետ:
Կիպրոսի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 11 մրցումի:
Քարտաշեան, որ Փիւնիկ-Երեւանի սան է, մաս կազմած է նաեւ Սեւանի եւ Նոա Երեւանի:
Ան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ իր մասնակցութիւնը ցարդ բերած է միայն մէկ մրցումի եւ Ճիպրալթարի դէմ նշանակած կոլ մը:
Նշենք, որ անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 200 հազար եւրոյով: