Աշխարհի ամէնէն հին աճուրդի ընկերութեան` «Սոթեպէյ»-ի տան մէջ ծախուեցաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի մարզիկ Լեպրոն Ճէյմսի մարզաշապիկը:
Այդ մարզաշապիկը «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի 2013-ի ախոյեանութեան աւարտականի մարզաշապիկն էր, երբ ան մաս կը կազմէր Մայեմի Հիթին:
Ամերիկեան մարզական մամուլը հաղորդեց, որ անոր այդ մարզաշապիկը վաճառուեցաւ 3,7 միլիոն ամերիկեան տոլարի:
Նշենք, որ աճուրդի տան պատմութեան մէջ անիկա այսպիսով հանդիսացաւ երրորդ ամէնէն արժէքաւոր մարզաշապիկը` զիջելով միայն Մայքըլ Ճորտանի (10,91 միլիոն ամերիկեան տոլար) եւ Տիեկօ Մարատոնայի` «Աստուծոյ Ձեռք» (9,28 ամերիկեան տոլար) մարզաշապիկներուն: